top of page

Ամերիկայի Հայ դատի հանձնախումբը «Մարդկային իրավունքների պաշտպան» մրցանակը կշնորհի Ռուբեն Վարդանյանին

Ամերիկայի Հայ դատի հանձնախումբը «Մարդկային իրավունքների ախոյան» մրցանակը կշնորհի Արցախի նախկին պետնախարար, գործարար, Բաքվում ապօրինի պահվող Ռուբեն Վարդանյանին․

«Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ 20 հոկտեմբերին տեղի ունենալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, այժմ Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանը պիտի մեծարէ իր «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» հեղինակաւոր մրցանակով։Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու տարած իր գործունէութեան համար մեծարուող Վարդանեանի հետ ապօրինի կերպով բանտարկուած մնացող Արցախի ղեկավարներուն շարքին է նաեւ Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան, որ 2022-ին արժանացած էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Ազատութեան» մրցանակին։ Յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին ընկերային եւ տնտեսական բարգաւաճման ծրագիրներ իրականացուցած Վարդանեան նաեւ հիմնադիրն է «Օրօրա» միջազգային մրցանակին, որ կը մեծարէ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ աշխարհի տարածքին՝ իբրեւ պատասխան Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայութեան օգնութեան ձեռք երկարած հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու։ Վարդանեան այս առիթով նամակով մը շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին»: 

bottom of page